ՅՈՒՇԵՐ

ԽԱՆՈՒՄ ՔԻԼԷՃԵԱՆ /աղջկական ազգանունը`Թադէոսեան/
Մեծ Եղեռնի 1915թ. Ուրֆացիների ու առհասարակ հայերի դեմ կատարուած բարբարոսական ջարդերի նկարագիրը թուրք գազանների կողմէն…

ԲՈՂՈՔ ԱՌ ՄԱՅՐ ԻՄ
Ախ սիրելի մայր իմ անարատ մաքուր ու անբիծ,
զիս աշխարհ ծնար որ ըստանամ կրակ ու կսկիծ,
եօթը տարեկան հասակիս մէջ կրակդ զիս այրեց,
հինգ տարի վերջը սիրելի հօրըս վիշտն ալ մեզ տիրեց:

Հինգ տարի եղբօրըդ տունը ծառայ եմ եղեր,
տասնըվեց տարեկան հասակով տան մը տիկին եմ եղեր,
տասնըհինգ տարի ուրախ ու զվարթ օր եմ անցուցեր,
հօգիիս վրայ հարիւրավոր մեղքեր եմ բեռցուցեր:

Եօթը զաւկի մայր եմ այսօր չունիմ հատիկ մը քովս.
կորսունցուցի ամբողջը մէկտեղ փառքովս.
մէկը ես եմ կախեր իմ կոտրելիք ձեռքովս
ամենուն կըրակը տեսայ աս կուրնալիք աչքովս:

Աս ամենուն վրայ տակաւին կուլամ ես,
ըստակնիս կողոպտեցին անօթի թողուցին մեզ,
արաբներուն կը հարցընեմ ծառայ կուզէք զիս,
կըսեն հիմա կը մեռնիս ինչ պիտի ընենք քեզ:

Վերջապէս գտայ տեղ մը որ կշտացընեմ փորս,
լալէն ողբալէն անցընեմ իմ սեւ օրըս.
բայց հազիւ առողջացայ ոտքի ելան թշնամիներս,
ուզեցին որ զիս կին առնեն աւրեն նկարագիրս:

Նկարագիրս չաւրելուս համար ելայ տեղս փոխեցի,
գացի գտայ գլխէս բարձր Դէւին գլխուն կոխեցի,
տեղ մը գտայ գործըս ծանըր մինչեւ իրկուն կ’աշխատիմ,
գիշերները կար կը կարեմ մինչեւ առտու լոյս կընեմ:

Ախ սիրելի քոյրերուս կրակը զիս կը տանջէ,
կարծեմ Նվարդիս թաթիկները ետեւէս զիս կը կանչէ,
Գէորգին քաղցր դէմքը կարծես թէ վարդի փունջ է,
Ազնիւին անուշ ձայնը միշտ ականջիս կը հնչէ:

Խօրենին տըխուր ձայնը կեցիր կեցիր կը կանչէ,
զինւորը ետիս ինկած տուրմա կըսէ կը կանչէ,
հայր իմ մայր իմ ձեր կրակը ասոր քովը բան մը չէ,
աս դժոխքին կրակն է գիշեր ցօրեկ զիս կը տանջէ:

Երանի թէ չամուսնացած դեռեւս մեռնէի,
երանի թէ հայրենիքիս հողերուն մէջ թաղուէի,
դպրոցական տըղաքներս լալով վրաս երգէին,
թող ողբալով Պետրոսը վրաս գերեզաման դնէր:

Քան թէ ասպէս խեղճ ու թշուառ ըսպասուհի ըլլամ,
մայր իմ անուշ գլուխըդ վերցուր աղջըկադ վիճակը տես,
քոյրերս կորսնցուցի մնացեր /եմ/ մինակ ես,
Աստուած իմ վերէն նայէ աչկերդ են ամենատես:

Մէկ եղբայրս Ամերիկա այս նեղութեան ազատ է,
մէկ եղբայրս Շամ զինւոր է կտոր մը հացի կարօտ է,
մէկ եղբայրս բանտին մէջը մերկ ու անօթի,
ես ալ այս տեղ բանտարկըուած կարօտ եմ ծանօթի:

Մայր իմ հապա ինչու ապրիմ աշխարհի մէջ խաւար,
քանի որ ունեցածնիս եղաւ թիւրքերուն աւար,
քանի որ ծանօթներիս դէմքերը ինծմէ հեռացան,
թող քեզի գամ ով Աստուած աչքերս տկարացան:

Օրը տարի, գիշերը ամիս կանցնի իմ վրայէս,
աս ինչ հանկարծահաս պատուհաս հասաւ իմ վրայ,
խելքս գլխէս վեր առաւ զիս վարը թողուց,
խեղճ զաւակներս առաւ զիս հոն թողուց:

Հոգիս կեանքէս է ձանձրացած կանիծեմ ծնած օրս,
ամբողջ հայը ոտքի ելաւ չգտայ մէկ սրտահատոր,
ես անբոյն թռչնակ մը եմ անցօղուն ծաղիկ,
գիշեր ցօրեկ արցունք /թափեմ/ չունիմ լսող մը հերիք:

Պիտի չտամ իմ հաւատքս որ սէրն է Քրիստոսի,
չեմ կորսնցուներ իմ պատիւս ի սէրն Պետրոսին,
պիտի ապրիմ սէւով սուգով ի սէրն սիրելեացս,
մինչեւ որ տեսնեմ հայ ազգին լոյս է ծագած ճակատին:

Աքսորուած եմ Տէր զօռու մէջ անտէր գաղթական,
կը ծառայեմ շուներու սրտովս քաջալերական,
ապրիմ որ տեսնեմ հայոց դրօշակը յաղթական,
վերջը երթամ գրկըուիմ եղբայրներուս սիրական:

Պանդուխտ ապրիլ դժուար է փորձըուողը ան գիտէ,
աս բաներէն չզգացողը ճշմարիտ միամիտ է,
փորձութեան դէմ սխալողներ թող հասկընան անմիտ են,
իր պատիւը սուղ պահողը փորձըուած մարգարիտ է:

Պանդխտութեան համբերելէ ձանձրացայ,
ունեցած խելքս ու գիտութիւն ալ մոռցայ,
աս երեք տարին երկաթէ հոգի ունեցայ,
չը քաշուելու քար քաշելու ես դիմացայ:

ԳՈՎԱՍԱՆՔ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ
Հայր սուրբ դուն ես քաջ հովիւը բարէխնամ,
սակայն քու ոչխարներդ գայլերէն կը վախնան,
գիտեն որ պատառող առիւծի են դարձած,
օրենքնին սատկի Աստուած են մոռցած:

Ոչ կրօնաւոր գիտեն ոչ ալ պաշտօնեայ,
երէցկին ու վարժուհի ըրած են ծառայ,
հայ եկեղեցիներուն ճրագները մարաւ,
հայոց քաշած գերութենէն մեր սիրտը մարաւ:

Ով Արտաւազդ վարդապետ դուն առաջնորդ հայ ազգին,
աշխատեցար մեզ պաշտպանել վատ ազգէն,
ուր են մեր քահանաներ թանկագին,
ուր են մեր վարժապետներու ձայներ ցնծագին:

Ուր են մեր եկեղեցիներու խորան սրբարան,
ուր են մեր դպրոցի նոր շէնքեր եւ կրթարան,
ուր են մեր պատարագը եւ շարականք զանազան,
ուր են մեր մատղաշ մանկանց մկրտութեան աւազան:

Ուր են մեր հայ եկեղեցիին կիրակնօրեայ բազմութիւն,
ուր են մեր լսարաններու հայուհեաց ընկերութիւն,
ուր են մեր իշխանուհի մայրիկներ խորհրդաւոր,
ուր են մեր երգեցողներ անուշ երգեր հոգեւոր:

Ուր են մեր ժողովի անդամները գլխաւոր,
ուր են մեր նշխարները ու մասի սեղանները,
ուր են մեր սուրբ սկիհը ու պատուական խաչերը,
ուր են մեր ճերմակ շապիկներով անուշիկ տղաքները:

Ուր են մեր եկեղեցասիրաց ընկերութիւն,
սիրեցիք մեռնիլ չընտրեցիք գերութիւն,
գիտցաք որ հայ ազգը չունի ազատութիւն,
երկինքէն ցանեցէք դուք սէր միութիւն:

Երեք տարի է չենք լսած մենք ձայնը զանգակին,
նաեւ չենք ողջունած սուրբ պատարագին,
կորսնցուցինք հաղորդութիւն մեռոն անգին,
առ կարօտով մեռան անձեր թանկագին:

Մեր սուրբ եկեղեցին քար ու քանդ ըրին,
ամբողջ հայոց տուները աւերակ ըրին,
հայերը ձեռքերնին խաղալիք ըրին,
ականջնին կտրելով բերաննին դրին:

Կախաղան հանեցին հինգ վեց հատ մէկտեղ,
մորթըուելու գացողները յիսուն հատ մէկտեղ,
ձեռքերով գերեզման կը փորեն ամէնքը մէկտեղ,
որ ապրին մեռնին եւ թաղուին միատեղ:

ՊԵՏՐՈՍԻ ԲՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Եդեսիան է հայրենիքիս շատ սիրական հողերը,
Քիլէճիեանի բնակութիւնը մայր եկեղեցիի կողմերը,
Պետրոսի նստած տունը խուցին ետեւի կողմը,
ընտանեկան սէր ու խնամք դրած էր իր աջ կողմը:

15 տարուան մէջ մեծ ընտանիք մը կազմեցինք, /իւնք/
տէրոջը պարգեւած զաւակներով բազմեցինք, /իւնք
երկու մանչ Գէորգ ու Խօրէն շատ համեստ,
երկու աղջիկ Ազնիւ ու Նվարդ զուարթերես:

Ամուսինս վաճառական Պետրոս Քիլէչիեան,
իր սիրական ընկերներով մէկ տեղ նահատակ եղան,
ամէնը հերոսի պէս ազգին սիրոյն զոհ եղան,
բայց աւաղ յիշատակ չունիմ որ տեսնէ ազատութիւն:

Շատ փնտռելով գտանք զիրար դժուարաւ,
երկու սրտեր միասին երկնից դրախտին յարաւ,
15 տարի հազիւ տեւեց շատ մը ճրագ մարաւ,
աս անգութ գազան ազգը սիրելիքս ձեռքէս առաւ:

Քու սիրոյդ համար շատ նեղութեան ես համբերեցի,
քեզ սիրելուս աշխարհի փառքը ատեցի,
քու պատիւդ սիրելով ծառայութիւն ընտրեցի,
քու մահուանըդ պատճառ չեղայ գերութիւնը սիրեցի:

Գիշերները երազներով սիրտս միշտ կը տանջուի,
ցորեկը աշխատանքով մարմինս կը տանջըուի,
այդ քու խոհեմ խօսքերդ ականջիս կը հնչըուի,
զիս շատ սիրելուդ համար իմ հոգիս կը տանջըուի:

Ձեզ մինչեւ ի մահ չեմ մոռնար ով իմ հոգոյս հատորը,
իմ սիրտս այրեցաւ զատուաւ մարմնիս կտորը,
երկինք գետին գլխուս մթնած արեւը ինծի լոյս չի տար,
գերեզման արդէն չունիք հողը ինծի տեղ չի տար:

Թող ես մեռնէի այդ քու կամար յօնքերուդ,
չըզատուէի այդ քու խոշոր աչքերէդ,
այտերդ կարմիր նման էր խնձորներու,
պէխերդ ոլոր ոլոր նման ոսկի թելերու:

Բոլոր սրտովս քեզ սիրեցի ով ամուսինս սիրելի,
եթէ ունեցայ պակասութիւն թող ինձ ըլլայ ներելի,
սաստիկ կրակ թողուցիր ինձ անհամբերելի,
աս կեանքիս մէջ մնալ ապրիլ ինձ անկարելի:

Աս խղճալի կեանքս քեզի մատաղ թող ըլլար,
քան թէ ասպէս երեսէ ձգուած մնար,
երանի թէ Խանըմը անծին ու անպտուղ ըլլար,
ոչ թէ ասպէս եօթը զաւկի մայր ամուլ:

Քանի կը խորհիմ վրադ կրակս կը սաստկանայ,
կ’ուզեմ որ դէմքդ տեսնեմ միշտ կը անյայտանայ,
հնար է ինձ պէս դժբախտըս ապրի զօրանայ,
թող այրիմ մոխիր դառնամ եւ ոչնչանամ:

Ձեր անուշ քաղցր դէմքը ինծմէ հեռացաւ,
պարծանացս զարդը ու փառքը ինձմէ մերկացաւ,
վարդ ու ծաղիկներս շուտ մը չորացաւ,
որբ ու անտէր սիրտս նորէն թնդացաւ:

Ահ սիրելի ամուսին արդեօք ինչ մահով գացիր,
Գէորգըս հէտդ տարիր չէնա աշխարհ թողուցիր,
քոյրս Եղիսաբեթը նշանածին մը յանձնեցիր,
չէնա գազան գիշատիչ առիւծներուն թողուցիր:

Ինչ արագ անցան/բն.անցաւ/ օրեր երջանիկ,
ընտանեկան կեանքը վայրկեան էր քաղցրիկ,
երբ նետուեցան /բն. նետուեցաւ/ թնդանօթներ ալ չըկար յոյս,
տիրեց խաւար մեր վրայ ազատելու չկար յոյս:

Օր մը արդեօք պիտի տեսնենք մենք զիրար ի մէջ դրախտին,
ատ կը ձըգեմ ինձ պէս անտէր ծառային բախտին,
որ մեզի պէս ընտանիքներ յանձնեց Տէր Զօր քաղքին,
ընթերցողը թող անիծէ գազան սուլթանին թախթին:

Ամուսինս ամէն կերպով էր հազուագիւտ,
աս կեանքիս մէջ մնալ ապրիլ անօգուտ,
շուտով թող գան ան օրեր ընկերանամ քու հոգուդ,/տ/
աս աշխարհի բոլոր փառքըն սուտ ու փուտ:

ԱԶՆԻՒԻ ՄԵՌՆԵԼԷ ԱՌԱՋ ԽՕՍԱԾ ԽՕՍՔԵՐԸ
Քիլէչիեան Պետրոսի օրիօրդը եմ Ազնիւը,
եթէ կ’ուզէք ձեզի ըսեմ իմ հասակիս հաշիւը,
հինգ տարեկան աղջիկ մը եմ սիրունիկ,
եղբայրներս մեծը Գէորգ պզտիկը է Խօրէնիկ:

Մէկ քոյրիկս Նըվարդ է սիրունիկ աղջիկ,
կախաղանը կախուեր է չեմ առեր պաչիկ,
կեանքի նաւակով մենք ալէկոծեցանք,
ծաղիկ հասակնուս մէջ չորցանք փճացանք:

Ուրֆա մեռնէինք չըգայինք մենք Տէր,
չեմ կրնար քալել ուժըս է հատեր,
ոտքերս ուռեր է փուշեր է մտեր,
ամէն կողմերնիս սուգեր է պատեր:

Կը խնդրեմ մայր զիս արապի մը տուր,
ալ ես չեմ քալել ոտքերս մտաւ փուշեր սուր,
գիտեմ մայր իմ սիրտդ կը վառի կրակ հուր,
բայց քիչ մը ետքը մեզ պիտի նետեն աս ջուր:

Երբ որ ասկէ վերջ եղբայրս գտնես,
իմ կողմէս համբոյրներս իրեն նըւիրես,
քաշած ցաւերնիս լացով մը պատմես,
իմ սիրոյս փոխան զինքը շատ սիրես:

Սիրուն եղբօրս սիրտը շատ թարմ է,
ամէն բան կէտ առ կէտ իրեն դուն պատմէ,
աս ինչ փորձանք էր պատահեցաւ մեզ,
մայր մի լսեր ինձ վերջը ցաւ կըլլայ քեզ:

Աղօթք մը ըսեմ որ քեզ թողում յիշատակ,
արդէն ունեցածս թիւրքերուն կտաք,
երբ զիս յիշելու ունիս նպատակ,
յիշէ աղօթքներս որ ինձ սորվեցուցիր:

Երբ որ ես մեռնիմ զիա հողի մէջ թաղէ,
չըլլայ թէ փափուկ մարմինիս շուները լափէ,
իրաւ որ աժան եմ երեսէ ձգուած,
բայց մայր յիշէ որ ինձ կաթ ես տըւած:

Աշխատէ որ ինձ պատանք մը ալ գտնես,
մատղաշ մարմինս մերկ հողը չը դնես,
իմ մեռնելէս վերջ դուն քեզ ցաւ կընես,
մայր իմ յիշէ որ զիս դպրոց կրթեր ես:

Ալ պիտի մտնեմ սեւ հողերու մէջ,
հոգիս թող տեսնէ երկնային լոյսը անշէջ,
թող վերցընեն դիակս աչքիդ առաջէն
ալ պիտի լաս ու ողբաս ու միշտ հառաչես:

Սակայն կը խնդրեմ մայր օգուտ մը չունի,
արտասուքը աչքերուդ շատ վնաս ունի,
աս հողը քեզ ալ կը կըլլէ ամենեւին գութ չունի,
լափելու համար անգութ որդեր շատ ունի:

Քանի մը րոպէէն բոլոր մարմինս պիտի սառի,
փայլուն աչքերուս լոյսը պիտի մարի,
իմ սիրտս երկնային փառքին պիտ յարի,
ալ չկայ ողբի ձայն կայ ձայն քնարի:

Մայր իմ կաթիլ մը ջրով սիրտս զովացուր,
հայրս ու եղբայներս ինծի մօտեցուր,
գոնէ ասունցմով հոգիս զօրացուր,
բեր համբուրեմ Նվարդը բերնիս մօտեցուր:

Քանի մը րոպէէն աս աշխարհէն պիտի վերցըուիմ,
վեր երկինքը սիրելեացս հետ պիտի տեսնըուիմ,
պիտի յաղթեմ աս աշխարհին փառքը ոչինչ է,
քանի աւէլի ապրինք մեզի տանջանք է:

Ցուրտ հողերուն հիմա պիտի մօտենամ,
չըլլայ թէ անտեղ սարսուռ մը ըզգամ,
ալ ինչով պիտի մխիթարուիս իմ սիրելի մայր,
ոչ զաւակներդ մնաց ոչ ալ հայր ու մայր:

Ալ հիմա կեանքիս պիտի վերջանայ, /կեանքս/
բոլոր քաշածներս պիտի ոչնչանայ,
մարմընիս ուժը ալ պիտի փչանայ, /փճանայ/
դժբախտ մայրիկս շուտ պիտի հեռանայ: /դժբաղթ/

ՈՂԲ ՄԸ ԱՌ ՍԻՐԵՑԵԱԼՍ
Մինչ դեռ ես էի խեղճ մանկամարդս,
փուշերու մէջ կորսունցուցի իմ ծաղիկներս ու վարդս,
ով դուք էիք իմ ուրախութեան ու փառաց զարդս,
միթէ աս ցաւոց համար ըստեղծուեցաւ մարդս:

Իմ շուշան ծաղիկներս ինչ շուտ թառամեցաւ,
մեղմացած հոգերս իսկոյն սաստացաւ,
ուրախութեան ու երգոց ձայներ մեղմացաւ,
հառաչելէն ու ողբալէն ծունկերս տկարացաւ:

Սիրելի զաւակներս անցաք գնացիք
սաստիկ վերքեր անբուժելի սրտիս թողուցիք,
սրտիս ցաւերուն դռները բացիք,
ինչու զիս խեղճ մինակ թուղուցիք գացիք:

Արդեօք աս ցաւերը պիտի վերնան չենէ պիտի տեւէ միշտ,
ինծմէ բաժնըւողները մարմնիս կտորն էին ճիշտ, /էյին/
բախտս ինձ չօգնեց սեպեց զիս անբարիշտ,
ձեզմէ մէկնիլս չորեքշաբթի օրն էր ճիշտ:

Ամուսինս ու զաւակներս ամենուն էր սիրելի,
աշխարհի մէջ ուրախութիւն ինձ անկարելի,
ինծի պէս անգութ մայրեր զաւակները ձգեցին,
դիակները երկնից թռչուն երկրի գազանք լափեցին:

Ուրախութիւնս վերցաւ ցաւերս զօրացաւ,
մեղանչեցինք Աստուած մեզմէ բարկացաւ,
երիտասարդաց դիակները աղբի պէս գետին փռուեցաւ,
Վիլհէմի պալատը վարդեր սփռեցաւ:

Ով ամուսինս ինձ դարձիր ու տես,
բայց աւաղ այդ բանտում փակուածես անտես,
պատերազմի մէջ կռուած ենք դուն ու ես,
կը խնդրեմ շուտ ըրէ ազատելու ճարը տես:

Ով սիրուն զաւակներս ձեր տեղ թող մեռնէի ես,
քարսիրտ ու անգութ մայր մը եղայ ձեզ,
ձեզմէ բաժնըւելէս ի վեր հանգիստ չունիմ ես,
հինգ րոպէ իսկ արցունք դադրած չէ աչքերէս:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
1919 Յունվար մէկը շատ բարի,
մեզի եկաւ հազար բարով Նոր տարի,
հետը բերաւ անգլեական դրօշակը շատ արի,
հայոց տխուր դէմքին վրայ ծիծաղ կը յարի:

Բարի եկար դուն մեզի շնորհաւոր Նոր տարի,
մեզի ձայն լսել տըւիր թմբուկներու քնարի,
մեզ հասցուր ժամ մը առաջ մեր սիրելեացը արի,
հնչեցուր փողըդ ազատ հերիք է շունչերնիս մարի:

Բարով դուն եկար ծնունդի զատիկ,
կոյս մարիամ ծնար որդիդ մէկ հատիկ,
տուր հայոց ազգիս յոյս հաւատք Նոր տարի,
քեզ յուսալով մեր վիշտերը մեզմէ փարատի:

Ով անմահ ծնունդ մեզ լոյսըդ թափանցէ,
մեր թշնամեաց լեզուն շուտ պապանձէ,
պաղատանք լսելու ականջըդ միշտ բացէ,
հայոց արիւնին դուն վրէժ պահանջէ:

Ով հայ ազգիս նահատակներ գլուխնիդ վեր վերցուցէք,
արթնցէք ձեր խօրունկ քունէն գերեզմանները բացէք,
ահա հասաւ ան օրը ելէք աթոռը բազմեցէք,
հայոց տէրութիւն տրուած է մայրեր քոյրեր տնօրինեցէք:

Հայ եղբայրներ ձեզ կսպասենք որ գաք մեզ ազատէք,
ափսոս ձեզի մեր սիրելիք որ սեւ հողը մտած էք,
ձեր անգին կարմիր արիւնով սեւ հողերը ներկած էք
ձեր թանկագին հոգիները ազգին սիրոյն զոհած էք:

Խաղաղութիւն ձեզ սուրբ մարտիրոսներ,
որ կռուի դաշտը ընկաք անվեհեր,
դուք ջուր ու ցամաք արեամբ ներկեցիք,
որ ձեր արիւնով փրկէք հայրենիք:

Խաղաղութիւն ձեզ հերոս եղբայրներ,
թող չըվրդովին ձեր սուրբ ոսկորներ,
ձեր վերջին կամքը ու անէծք թշնամուն,
մենք միշտ կը պաշտենք որպէս սրբութիւն:

ԳԷՈՐԳՆ ՍԱՂ ՕԼՏԸՂԸՆԸ ԻՇԻԹԴԻՔՏԷՆ ՍՕՆԿՐԱ
Սէվկիւլիւ էվլատըմ սէվինճիմին իլքինի,
ղայպ էթմիշ իմ սէնին իւչիւն ֆիքրիմի,
գորգարըմ քի իթիրէյիմ շու ազաճըգ ագլըմի
գավուշուրսէմ րահաթ օլըր ճէսէտիմ վէ թէնիմի:

Պէօյիտին մէքթէպլէրտէ գալտըն չէօլլէրտէ,
օգըտըն քիթապլարը չօպան օլտըն քէօվլէրէ,
չօգ ազիզ օլմաեայտըն էսիր օլտըն էլլէրէ,
սաղ օլտըղըն իշիթտիմ չօպանսըն տէվէլէրէ:

Մէրագ էթմէ սեվկիւլիւմ կէչէր պու կիւնլէր,
Ազ կիւնտէն պահար օլըր աչըլըր կիւլլէր,
շու սէֆէրպէրլիք պիթէրսէ կէօրիւրսին կիւնլէր,
իշալլահ խանէմըզտէ եինէ էօթէր պիւլպիւլլէր:

Սէնին իւչիւն կէնճ էօմրիւմի ֆէտա էտէրիմ,
սէնի ալըպ իսթէտիյին եէրէ կիտէրիմ,
չիֆթ գօյունլար սէնին իւչիւն գուրպան էտէրիմ
անտէն սօնկրա էօլիւլէր իւչիւն ֆիղան էտէրիմ:

Սէֆիլլիք չօգ չէքտին քիւչիւք տըր եաշը,
կէօզլէրին սիեահ տըր գարա տը գաշըն,
Էնկին էթ` եավրում գալպինլէ պաշըն,
արապլար օլմըշ սէնին գարնտաշըն:

Սէնին իւչիւն չօգ սէօզլէրէ պէն տոայանըրըմ,
սէնին օ սէֆիլ պօյնընը պէն տողրուտըրըմ,
քէրէմին իւչիւն պէն տուլ գալըրըմ,
սէն սին իւմիւտիմ վէ սէֆիլ եավրում:

Ահ նէ վագըթ կէչէճէք էլին էլիմէ,
ահ նէ վագըթ կէլէճէք իսմին տիլիմէ,
պիւլպիւլ կիպի գօնաճագսըն պէնիմ կիլիւմէ,
արզու էտէրիմ գավի գալըրսըն պէնիմ տինիմէ

Կէօզիւմտէն ագան եաշլար չօգ օլտու,
րապպ Յիսուսըմըն անպարը տօլտու,
կիւնահքեար իքէն նիեազըմ գապուլ օլտու,
թաքի քէնտի էմրինի վուգու պուլտու:

Յուլիս այըն իքիսինտէ պանա կէլտի խապէրի,
պէնտէն էվէլ սէն տույմըշսըն մէսրուր օլմուշ տիտարի,
պանա սէօյլէ նէ օլտու սէնին ազիզ փէտէրին,
պէն տէ սանա սէօյլէրիմ նէ օլտու պիրատէրին:

Հիւսնին պէնի գօրգութտը պրագտըմ սէնի,
րապպ պէօյլէ լայըգ կէօրտի քի սէվինտիրսին պէնի,
եա Յիսուսըմ համտ ու սէնա էտէրիմ սանա,
շու զէվալլը չօճուղը թէզճէ պիրլէշտիր պանա:

Սէվկիւլիւ ամուճան սաղտըր չէօլտէ կէզիեօր,
սէվկիւլիւ վալիտէն սաղտըր շիրլէր եազըեօր,
գարնտաշլարն աթէշի գալպիմի գազիեօր,
փունար կիպի ճօշար քեաղըտա տիզիւեօր:

Պիր կիւն պիր սէնէ գատար հիւքիւմ վէրիեօր
շու տէրտլի պաշըմա նէլէր կէլիեօր,
աճը սէօզլէր գալպիմիզէ մըխլար կիպի կիրիեօր,
սէնին իւչիւն թէհամմիւլ էտէրիմ քի կէօրէյիմ:

Այլար կէչիեօր խապէր ալմատըմ սէնտէն
պիր ազ սէվինտիմ գասավէթ կէթտի պէնտէն
քիւչիւք հէմշիրէն սաղ տըր Ուրֆատա
տայըն Տիգրան վէ թէեիզէլէրին զիրա օրատա:

Կիւլ պէնզին սօլմըշ գարա տէօնմիւշսին
պիլիրիմ քի կիւնէշտէն չօգ օսանմըշսըն
պէն պուրատա կէօլկէլէրտէ ճանըմ պէսլէրիմ
սէն տաղլարն պաշնտա էօմրիւնի չիւրիւթմիշսին:

Թէստիգ խապէրին պէքլէրիմ կիւնպէկիւն
եա րուհըմ կիւլմ պէնիմ սէվտիկըմ
սիզին իւչիւն ղայպ էթմիշիմ պէնիմ պիլտիկիմ
եալընըզ օնպէշ սէնէ օլտու պէնիմ կիւիլտիւկըմ:

Ճանիլէ թէնիմի ֆիտա էտէրիմ սանա
եալընըզ պիր տէֆա կիւլ պէնզին կէօստէր պանա
տիւշմէնին էվլատը խէնչէր տըր պանա
պին թանէ կէօրիւրսէմ պէնզէմէզ սանա:

ԷՕԼԻՒՄ ԽԱՊԷՐԻ
Խապէրին պէքլէմէքտէն գալմատը սապրըմ
կիրտիյին թօփրաղընա գազըլսըն պէնիմ գապրըմ
թէսէլլի վէրէնիմ եօգ Ալլահտան կէլսին սապրմ
Գասավէթ իլէ տօլտըմ գան աղլար պէնիմ գալպիմ:

Էյ օղլըմ կէնճ իքէն տիւքէնտին պիթտին
պէնի ալչագլարա խայինլարա միւհթաճ էթտին
զէվալլը անան էսիր պրագտըն կիթտին
ճէյրան կէօզլէրիտէն մահրում գօյտն կիթտին

Խանըմ իքէն խզմէթճի օլտըմ փառասըզ
քէտէր իլէ տէրտէ տիւշտըմ չարէսըզ
պիլմէյօրմ էօլիմիւն տիւշմէնտէն ալլահտան
տիլէրիմ քի ալլահտան էօլմիւշսին եարասըզ:

Տիւշմէնին էլինի տէյմէսին սանա
չըգմասըն թէնինի չէօլէ մէյտանա
սիզի մահֆ էտէնլէր աթըլսըն զնտանա
օլ միւպարէք էօլիւմի թէզ կէլսին պանա:

Իսթէրիմ գաուշում օղլըմ Գէորգա
իսթէմէմ կէլսին իւզէրիմէ լէքէ
Գէորգ սէն օլտըն պէլիմի պիւքէն
գապլար իչինտէ կէօզեաշը տէօքէն:

Տէօքտիյին եաշլարլէ պարղըմը եագտըն
սիյահ կէօզլէրինլէ արգամա պագտըն
Խօրէն վէ Ազնիւը պանա պրագտըն
սէօզլէրն մըխ կիպի գալպիմէ չագտըն

Խօրէն վէ Ազնիւ պանա եօլտաշ տըր
սիւրտըլէր եօլա կէօզիւմիզ եաշ տըր
պիզէ էմր էտէն պիր գըզըլ պաշ տըր
գարնըմըզ աճտըր իւսթիւմիզ եաշ տըր

Գօյտըղըմ գապըն եօգ տըր պիր Թագգա
Գէորգա սէօյլէյըն եալվարսըն Հագգա
Անան սէվգ օլտու կիթտիլէր Րագգա
եօգտըր եանըմտա եէմէք պիր Հոգգա

Աչսընլար Գապը Լուսիա հէմշիրէմ
գարանլըգ եէրտէ օլտուլար վէրէմ
սօն սէօզլերիմլէ սէլամըմ վէրըն
գապուլ էթմէտի Լուսիա հէմշիրէմ:

Գէորգ վէ Գիրիգոր պիզէ քեար գալըր
հէմշիրէմ Եղսա Թէսէլլի վէրիր
գօճալարըմըզ ճէզատա գալըր
չօճուգլարըմըզ պիզէ սաղ գալըր:

Օնլար էօլէճէք տէօվլէթ էմր էթմիշ
էրմէնիլէրին իշինի վագթընը պիթմիշ
խաեին միլլէթին ճէնկինէ տիւշմիւշ
Պիթիրմէք իւչիւն փէք եէմին էթմիշ:

Թօփլարտան չըգան գարա տուման տըր
մահճիր օլանըն հալի եաման տըր
շու զալըմ մլիլլէթ գըզլար ալան տըր
մահճիրլիք իւչիւն պիզէ կիւլէն տըր:

Անալը եավրուլը չըգտըգ պիզ եօլա
սէպէպ օլանըն կէօզլէրի քէօր օլա
կէնճ իկիթլէրիմիզ Ուրֆատա գալա
տահա պիզ նասըլ կիտէրիզ եօլա

Կիտէրիզ կիտէրիզ կէրի տէօնէրիզ
արաբլար արասընտա գօնագ գօնարըզ
ասքէր իչինտէ քիւլէ տէօնէրիզ
եաղմուրտան սօղուգտան կէճէ տօնարըզ

Ասքերլեր արասընտա գարըլար եաթար
նազիք աեագլարըմըզ տիքէնլէր պաթար
փառամըզ եօգքի պիզ քիռա թութար
պուլունան փառալէր ասքէրլէր գափար:

Չօճուգլու օլանըն պէլի պիւքիւլտի
չէկիրկէ կիպի եէրէ տէօքիւլտի
Ուրֆատան սիւրկիւն չէօլէ տէօքիւլտի
զրաաթ կիպի եէրէ էքիլտի:

ԱՌ ԽՕՐԷՆԻՆ ԴԷՄ
Խօրէնս զատուեցար սրտիս խորերէն
քեզ պիտի հարցընեմ լեռներէն ու սարերէն
դուն ինձ յիշատակ անցած դարերէն
Աստուած թող քեզ անփորձ պահէ գայլերէն:

Խօրէնս խորոտիկ /խօրօտիկ/ սրտիս ճրագը
աչքերըդ կրակոտ աչքիս դէմը գայ
միայն քեզ կ’սպասեմ ինծի ապագայ
ամենը թող տըվի քեզի հետ եկայ:

Խօրէնիս դէմքը ճերմակ կաթի պէս
երեսները բացուած կարմիր վարդի պէս
մազերը դեղին ցորենի յարդի պէս
խոհեմ/խօյեմ/ խօսուածքը կատարեալ մարդու պէս:

Հայրըդ քեզ ինծի յանձնեց լալով ողբալով`
հնազանդ եղիր մայրիկիդ քեզ խրատ տալով
կարելի է դուն չես մեռնիր ճամբայ ելելով
ամիս մը ճամբայ եկար ոտքով քալելով:

Հնազանդ տըղաս խելացի Խորէնս
երկայն թող ըլլար խնդած օրերնիս
ժամուն բակը գերեզմանը ըլլար տեղերնիս
թող չըլային մեր վրայ մայրեր քոյրերնիս:

Ոտքերդ վարժըուած մարմնամարզ ընելու
մատներդ յարմար գրիչ բռնելու
պարանոցըդ յարմար մանեակ կըրելու
խելքդ ու տաղանդդ ուսմունք սորվելու:

Օվակեմ եղբօրըդ ինչ պատասխան տամ
սիրական Խորէնը որուն բաժին տամ
բաժին տամ արաբներու գէրի մը ըլլայ
բաժին տամ Աստուծոյ ազատ թող ըլլայ:

Սակայն Աստուած մը կայ երկնից մէջ
օր մը գերութեան կապը պիտի արձակէ
լոյս թափանցելու պիտ համարձակի
գերի հայերը պիտի ազատուին:

Խորէնս ալ եթէ գերի կեցած ես
գիշեր ու ցորեկ կուշտ մը լացած ես
գլխուտ մազերուն չափ արցունք թափած ես
վայրենի ազգին ձեռք գերի ինկած ես:

Խորէնս անուշ անցար գնացիր
սաստիկ վերք անբոյժ սրտիս թողեցիր
արցունքիս աղբիւրը առաջ դուն բացիր
Րագգա հասնելու կարօտ մնացիր:

Պէտք է քեզ ալ գովեմ Խորէն զըվարթ
կուզեմ երազել դէմքդ էր իբր թէ վարդ
ես մեռցուցեր եմ սիրուն քոյրիկդ Նվարդ
պիտի չըմոռնամ ձեզ եթէ դառնամ փոշի յարդ

Դպրոց կերթայիր դուն միշտ եռանդով
պատրաստըուեցար մարդ ըլլալու տաղանդով
շատ աշխատասէր առողջ ու կայտառ
ոհ կուզեմ տեսնել այդ դէմքդ պայծառ:

Ձեր բոլոր աշխատանքը պարապի գնաց
լաց ու կոց կրակ ինծ բաժին մնաց
ամէնը մեռան խեղճ մայրդ մնաց
ուրախալի օրերնիս մեզմէ շուտ գնաց:

Դէմքդ ինձ անուշ ուրախ ու ժպտուն
աչքերդ խոշոր սեւ ու փայլփըլուն
այտերդ նման բացուած վարդերուն
հովը ցրուեց մեզ հատուց նման յարդերու:

Դուն ով հոգի անձնուրաց վրէժխնդիր նահատակ
քեզ կը բերեմ պաշտամունքն իմ սգաւոր հոգիիս
որուն այն խնդուն մօտիկ մաքուր սիրովդ ապրեցար
ու գերեզման իսկ չթողուցիր իբր բարի յիշատակ:

Հեռու հերոս հայրենիքէն մեր դըժբախտ/դըժբախթ/
Տէր զօրի անապատը ընտրեցի ինձ գերեզման
ափ մը հող ձեռքիս մէջ աճիւններէն հայրենեաց
այրիւն արցունք աչքերուս հոգիս հայրենեաց:

ԱՌ ՏՂՈՒՍ ԳԷՈՐԳԻՆ
Գէորգըս արդեօք ուր տարին
երկայն պօյը էր չինարի
հասակը տասնութէք տարի
աչքերը խոշոր կը նմանէր ճէյրանի:

Գոյնըդ ճերմակ վարդի պէս
երեսներըդ բացուած վարդի պէս
դպրոցական տղայ էիր /էյիր/
աշխատասէր սարդի պէս

Երկու եղբայր ու քոյրիկ մը
զիս չընեղեցիք օրիկ մը
ուրախ ու զըւարթ/զըվարդ/ կերթայիք
Նուեմզառը ալ կը տանէիք/տանեյիք/:

Ըզբօսանքի ելած ատեն
հանկարծ կը տեսնէի պատին
ախ մայր իմ ինծի ջուր մը
կը նըւիրեմ քեզ համբոյր մը:

Քեզ տըւած եմ պատիժներ հարիւրաւոր
Սրտիս մէջ կը վառի միշտ կրակ ու հուր
անդադար կ’արտասուեմ սրտիս զարկին սուր
արդեօք ինչ եղար կռիւներ ահաւոր:

Մի լար որդիս անգին քարս մեռնիմ կամար յօնքերուդ
շատ լացովդ արտասուքը վնաս կընէ աչքերուդ
Թէ հայ կապրիս թէ թրքացար աղէկ նայէ վարքերուդ
հաւատայ որ Աստուած օր մը պիտի միացնընէ մեզ:

Արդեօք պիտի համբուեմ նուռի կտոր այտերդ
եւ մխիթարեմ այդ վշտահար սրտիկըդ
եթէ երկրի վրայ քու հետըդ չըտեսնըւիմ
թող մահը շուտ հասնի ինձ որ երկինքը տեսնըւիմ:

Արդեօք յոյսըս պարապ պիտի ելլէ երկինք ես գացեր
միւսներէն կտրած եմ յոյսըս մինակ դուն ես մնացեր
արդեօք անօթութեան որչափ ես նեղացեր
եթէ պիտի չը տեսնեմ քեզ ինչու կապրիմ ես:

Վարդի ծառ մը ըլլայի պարտէզիդ մէջ բոյսնէի
առաւօտ արշալոյսին թող երեսըդ տեսնէի
թող քու վարդի փուշերովդ իմ ձեռքերս խայթէիր
թող ես չըլլայի կարօտ քու հոտիդ անուշահոտ:

Ահ մայր իմ քաղցր անուշիկ իմ
չէիր ուզեր որ մատս մտնէ վարդի փուշիկ
քեզ կը նըւիրեմ Ազնիւ քոյրս անուշիկ
ան ալ օր մը կը մեծնայ ուշիկ ուշիկ:

Ահ մայր իմ ներէ ինձ գործած յանցանքներս
թշնամին չըթողուց որ հատուցանեմ պարտքերս
եթէ զիս ողջ թողէին կը շիտկէի վարքերս
կը կատարէի որդիական պէտք յարգերըս:

Լուսաւորչին պէս թողուցիր մեզ Խոր վիրապ
Երբոր գացիր շատ ցաւեցանք քու վրադ
եթէ Սստուած մը ըլլար երկնից վրայ
անշուշտ օր մը պիտի գթար մեր վրայ:

Զիս համոզեցիր բոլորտիքնիս զինւոր պատա
անգութ ազգէն տղան իր մօրմէն կը զատեն
կ’ուզեմ որ լամ ու ողբամ հայրիս կը նեղանայ
Եղսաբեթ քոյրիկս միշտ կը խրատէ զիս:

Լռիկ մնջիկ խաւարին մէջ աստուած կանչեցինք
հինգ օր ետքը պատառ մը հացի կարօտ մնացինք
լացինք ու աղօթէցինք անօթի մնացինք
քանի մը օրեր վերջը աս աշխարհը թողուցինք:

Մնաս բարի մայր սիրական նազելի
թողուցինք քեզ սաստիկ կրակ անհամբերելի
քեզ որ թողցուցինք թող մեզ ըլլայ ներելի
աշխարհի իրեր ալ մնաք բարի:

Համբերէ քիչ մը ով դու անգութ մահ
մօրմէս բաժնըւիլս ինծի է մեծ ցաւ
միայն կարօտս առնեմ սիրելի հօրմէս լաւ
ձըգեմ աս աշխարհը երկինքը է ինձ լաւ:

Մնաս բարեաւ քաղցր մայր իմ ես պիտի երթամ
տուր մայրական վերջին համբոյր սիրտս զովանայ
կապոյտ երկինքի երեսը կամար է կապեր
կարծես հայ տըղաներու սիրտը խաւար է պատեր:

Այ խղճալի հայ ծնողներ չի լաք իզուր տեղ
այլ խնդրեցէք Աստուծոյ ձեր վերքին մի դեղ
այս ինչ սարսափելի բան էր որ մեզի եղաւ
կարծես դիտմամբ սեւ գնդակ մը իմ սրտիս եկաւ

Արդեօք կը լինի որ կրկին կենդանի մնամ
իմ սիրելի մայրիկիս դարձեալ համբոյր տամ
եւ կատաղած սրտիս յագը սրովս ես առնեմ
չար թշնամու գարշ վարմունքը իր երեսին ես զարնեմ:

Պիտ խորտակուին օր մը ռազմագիծերը անառիկ
պիտ դարբնուի մեծ յաղթանակը վաղուան
սուին սուին ճակատ ճակատի կուրծք կուրծքի
ամօթահար ու խայտառակ պիտի փախչին:

ՈՂԲ ՄԸ ԱՌ ԱԶՆԻՒՍ
Քեզ ալ պիտի չը մոռնամ Ազնիւս անուշ
երբ ծոցիս մէջ կը ննջէիր դուն մուշ մուշ
կազմըուածքդ գեղեցիկ ձեռքերդ էր քնքուշ
անգամմալ ինձ լսել տուր ձայնիկդ անուշ

Մայր կը մեղքանամ քեզի դէմ պատասխանելու
վիրաւոր սիրտդ նորէն թունդ հանելու
մօտ է ժամանակ քեզմէ բաժնըուելու
պիտի երթամ հայրըս ու եղբայրներս տեսնելու:

Աս բաժանումը դժուար է ալ չեմ դիմանար
գացողները կը բաւէ կ’ուզեմ դուն ինծ մնաս
բոլորովին կը խենդանամ երբ որ դուն գնաս
Թող այրիմ մոխիր դառնամ ալ ճար չըմնաց:

Ոհ սիրուն Ազնիւս աղաւնիի պէս մնջեցիր
հայրըդ ու եղբայրներդ օգնութեան կանչեցիր
մինչ կէս գիշեր սիրելիներդ յիշեցիր
վատ թիւրքաց մութ խոհանոցին մէջ ննջեցիր:

Բայց իզուր մէկը մեզ օգնութեան չըհասաւ
հազիւ կէս գիշեր Ազնիւս բուսաւ
աղիքներս գալարիլ դարձեալ ըսկըսաւ
չըտանելու վիշտ ու ցաւ միայն մեզ տեսաւ:

Չունիմ կտոր մը ճերմակ որ պատանք ընեմ
չունիմ մէկը սրտակից որ տանեն հողը դնեն
չունիմ ճրագի լոյս մը որ վերջին դէմքը տեսնեմ
կու լամ կ’արտասուեմ որ ալ պիտի չը տեսնեմ:

Գաղթական ծեր քահանայ մը իր կարգով
տարին թաղեցին չորս էրիկ մարդով
ոչ խունկ կայ ոչ մոմ ոչ ալ խաչ փայտով
ոչ սուրբ աւետարան ոչ փուվառ կրակով:

Երկու ձեռքերս հողին դրած յոյս չունիմ
ալ մէկէն յոյսըս կտրած երեւնալու լոյս չունիմ
խաւարեցաւ իմ լոյսըս երթալու ճամբայ չունիմ
կուզեմ որ հողը մտնեմ գերզման փորող չունիմ:

Ոհ սիրելի փրկիչս զիս երկինք կանչէ
ալ չեմ դիմանար աս ցաւոց հոգիս կը ճնշէ
չորս զաւակներս մեռան երկուքը մանչ է
աս աշխարհի փորձութիւն երկնից մէջ բան չէ:

Ով հայր իմ կը բաւէ ալ որ մեզ ցաւցունես
հանգիստս առնես զիս նեղացունես
արդեօք օր մը մեզ դարձեալ պիտի ուրախացընես
չէնա աս ցաւերով մեզ գերեզման պիտ իջեցընես:

Նեղութիւն ու հառաչանք ինծի շատ եղաւ
սիրելի զաւակներ մայրերէն իզատ եղաւ
փափուկ մարմիններ շուներու կեր եղաւ
20 տարի առաջ եղաւ աս ալ ուրիշ կերպ եղաւ: /1895 թվականը նկատի ունի – խմբ./

Սիրտըս լեցուած լաց ու կոծով/կոցով/ կրակ ու բոց կը մխայ
օրըն ի բուն քարէ կարկուտ գլխուս վրայ կը տեղայ
երբ կը լսեմ Խանըմ կանչեն սիրտս փըր փըր կը դոդայ
անիծեալ ըլլայ ան օրը որ իմ մօրմէս ես ծնայ:

Թռչուն մը եմ ծուղակ ինկած կը տանջըուիմ չարաչար
իմ վիրաւոր տրտմած սրտովս կը զարնեն զիս քարէ քար
աս իմ քաշած նեղութիւնս պիտի պատմեմ դարէ դար
ասունց վրայ պատմութիւններ պիտի գրեմ ծայրէ ծայր:

Ալ ասունց կծու խօսքերը ականջս չի կրնար լսել
աս կեղծաւոր դէմքերը աչքերս չի կրնար տեսնել
աս անդիմանալու բառերուն լեզուս չի կրնար լռել
իբր երկաթէ բեռներ են մարդըս չի կրնար կրել:

/ՈւՐՖԱ ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ/
Ուրֆալը իմ քիլիսա մահլասընտան
եանգը կէլտի աթէշին էսասընտան
հէլագ էթտիլէր թօփլու պօրուլու
քէստիլէր պիզի անալը եավրուլու

Տիւշմէն տըր եափան տինսիզ իմանսըզ
էօլիւ գօյուլան եէրի պէլլիսիզ
տիւշմէն էլինտէ պիզ օլտըգ տիլսըզ
էրմէն տիր մատամ իթ կիպի կէպէրսին:

Մէզարնզ եօգ քի օթուրայմ պաշընա
էլպիսէնիզ եօգ քի թէքէյիմ մէզար թաշընա
զալըմ կիւլէր Խանըմ աղլար գանլը եաշընա
պու նէ զուլմ պիր պէլա տըր կէլտի պաշըմա:

Մէզարն եօգ քի տէօքէյիմ կէօզ եաշըմի
կէօրտիյիմ չօգ ամմա քիւչիւք եաշըմի
պունտան սօնկրա սիեահ լազըմ պաշըմի
թա կիրէյիմ պէնիմ մէզար թաշըմի

Մալլարըմըզ գապլարտա պասըլը գալտը
Նըվարդըմ քէնտիրտէ ասըլը գալտը
սէվկիւլիլէրիմ աճ սուսըզ էօլտի
գապլար իչինտէ գուրշունսըզ էօլտի:

Մէքթէպ չանթալարընըզ ասըլը գալտը
քիթապլար իչինտէ պասըլը գալտը
անընըզըն պօյնընը պիւքիւլի գալտը
սիեահլար կէյտի խզմէթէ տալտը:

Իւմիւտիմ պօշա կիտէր գարգարէմ քի էօլիպսին
շու եարալը ճիկէրիմի պիր տէֆատա տէլիպսին
տահա կէօմէմ շու տիւնեատա սէն սէմայա կիտիպսին
վայ պու տէրտլի պաշըմա սէն պօրճընը էօտիպսին:

Եէտի հաֆթա եօլա կէլտիմ պէն եաեան
տէմիրտէն տիր պու շէյլէրէ տաեանան
Ազնիւ իտի պէնիմ իլէ պու սըգլէթէ տայանան
զէվալլը Խօրէն եօլտա ասքէրլէրէ եալվարան:

Գէորգ պապասընա եատըկէր գօյտըմ
Խօրէն վէ Ազնիւը պէրապէր ալտըմ
Խօրէնը եարը եօլա պրագտըմ
Ազնիւ իսէ Մուրաթ քէօվինտէ կէօմտիմ

Էլիմի պօշ իւզիւմ գարա օթուրտըմ
էլպիսէլէրիմի սիեահ պաթըրտըմ
անճագ խզմէթէ կիւճիւմ եէթիրտիմ
սախ ճանըմա տէրտլէր կէթիրտիմ:

Ուրֆա տաղլարը եիքսէք տըր չըգամամ
պօյընըզ կիպի պօյլարա պէն պագամամ
գալպիմ տօլու կէօզիւմտէն եաշ տէօքէմէմ
պունտան սօնրա զուլում իլէ պարզընըզը եագամամ:

Չըգարէմ մահզուն մահզուն գայըգլարա պագարէմ
ճիկէրիմի քէպապ կիպի աթէշլէրէ եագարէմ
էյէր պու մահճիրլիքտէն գուրթուլուր իսէմ
շու եարալը գալպիմ իլէ եէթիմլէրէ պագարէմ:

Տէր զօռ միլլէթի զալըմ զուլում տըր
քէօփրիւտէն կէչէն սօնու էօլիւմ տըր
անալը եավրուլու իթլէրէ տօյըմ տըր
պու սէֆէրպէրլիք պիթէր իսէ ալլահ քէրիմ տիր:

Էյ ալլահըմ սէն պիլիրսին շու պէնիմ հալիմ նաչար
պէն էօլիւմի իսթէյօրմ օէօլիւմ պէնտէն գաչար
մէրհամէթ էյլէ պանա պիզ օլտըգ տէրտէ տիւչար
այաղընա տիւշէրիմ սէն պիզէ նուրն սաչար:

Զալըմ պիզի այրըլտը ճիյէրիմտէն թէնիմտէն
էյէր սիզի պուլուր իսեմ զիյատէ էվէլքինտէն
համտու սէնա էտէրիմ վէ մէմնունիմ րապմտան
եինէ մէրհամէթ էտէր քէնտի պէրէքէթինտէն:
Սօն..
ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Մինչեւ մահուան անյիշատակ ի շէրիմ
մնամ քո սիրոյդ միշտ հաւատարիմ
կրնայ ըլլալ որ դուն աւաղ մոռնաս զիս
բայց ես հաստատ եմ միշտ իմ խոսմունքիս:

Ով իմ հրեշտակ յոյս իմ նազելի
քեզէ կեանք ու բախտ բոլորն ալ տըւի
իմ մանկութեան տեւոց դու սէր նախընծայ
սիրտդ գըրաւել միշտ փափաքեցայ:

Սակայն ափսոս երջանկութեան այն փափուկ
սոսկալի մահուամբ ըլլայ վաղանցուկ
այս է վճիռ զոր գըրեց ճակտին մեր երկինք
պէտք է իրարմէ անդարձ բաժնըուինք:

Սակայն իմ սիրտս քուկին սըրտէդ անբաժան
քեզմէ չի զատուիր մինչեւ ի գերեզման
սիրոյս յետին բաղձանք յետին նըշանակ
քու քովդ է հանգչել մահուան քարին տակ:

Սոխակ երգէ իր դայլայլիկ գիշերին
նստի ի վերայ մեր ցուրտ դամբանին
Մինչ երկուքնիս մենք ի տեղուոն անդադար
Մահուան գրկաց մէջ կը ննջենք անդադար:

Վըկայ ըլլան աստղեր երկինք ու կամարաց
ես քեզ յաւիտեան սիրեմ անմոռաց
Բնաւ չի պիտի դադրիմ ըսել քեզ.
ես քովդ եմ յաւերժ սիրով բոցակէզ

Ախ ինչ ընեմ ըսէ սրտիս իմ հատոր
Արիւնս կ’ուզես թող վազէ բոլոր
Բայց թէ անով ալ գոհ չըլլաս ով անգութ
Իմ կեանքս ալ զոհ կ’ուտամ քու սիրոյդ:

Պիտի սիրես զիս մինչ ի մահ գիտեմ ես
Բայց անօգուտ տեղ արտասուք չը թափես
Շիրիմիս վրայ անմխիթար ողբալով
Քու ամուսինիդ եմ որ կորսունցուցիր շուտով:

ԱՌ ԵՂԲԱՅՐՍ ԳԷՈՐԳ
Սիրելի եղբայր իմ ձայն տուր սրտագին
կարօտ եմ ձայնիդ ոսկիէ թանկագին
կուրծքիդ զարդարեմ քարերով անգին
նըւիրեմ համբոյրներս ճակտիդ վարդագոյն:

Սրտերնիս ծառաւ է ձայնիդ քաղցր անուշ
ձեռքերնիս կարօտ է ձեռքերուդ քնքուշ
կ’ուզեմ երազել այդ դէմքդ անուշ
անունըդ կանչեմ Գէորգ իմ անուշ:

Ահ երբ պիտի ողջունենք բարեւ քոյրական
եւ համբուրեմ քեզ ի սէր մայրական
եւ կատարենք մեր պարտքերը քոյրական
մէկ տեղ ողբեր կարդանք մեր հօր եւ մօր սիրական:

Ալ թող բաւէ մեր աքսորութիւն ու գէրութիւն
ալ թող բաւէ ծառայութիւն եւ կարօտութիւն
Աստուած դուն պարգէւէ մեզ ազատութիւն
Անունդ պատուենք եւ տանք օրհնութիւն:

ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՐՑՈՒՄԸ
Ով կեանք ինչու կապրիս երկրի վրայ դուն
քանի որ չունիս տուն ոչ ալ թռչնոյ բոյն
գիշեր ու ցորեկ կաշխատիս անքուն
անցիր ատ կեանքէն խըմէ կաթիլ մը թոյն
Պատասխան`
Իրաւ շիտակ ես ով իմ սուղ հոգիս
թշնամեաց առջեւ կը փըճի կեանքիս
ես անբոյն թռչուն մը եմ անցօղուն ծաղիկ
չունիմ տունկ արմատ կանաչող ծաղիկ

Դուն մի յուսահատիր ունիս տերեւ մը կանաչ
արտորցիր գնա մի նայիր ձախ աջ
զաւկիդ տէր եղիր մեռնելէդ առաջ
ազատէ թիւրքերուն ձեռքէն դուն քաջ:

Կաշխատիմ երթալ բանտը փակուած եմ
մէպիւսանին շղթաներով ոտքս կապած եմ
Տէր զոռի անդունդը հոգիս նետած եմ
մարմինիս կապրի հոգիս վառած եմ:

Ես ալ տան մը տիկին էի ծառայ եմ եղեր
զաւակներ մեծցուցեր եմ օգուտ չեմ քաղեր
ասունց ցաւերով սիրտս եմ տաղեր
շուներու կեր եղած են հողը չեմ թաղեր:

Աս ինչ կրակ է սիրտս կայրի անդադար
աս ցաւը չի մոռցըուիր պիտի յիշուի դարէդար
կտոր մը հացի համար կը զարնեն մեզ քարէքար
միայն քեզի կը դիմենք մեր փրկիչը անյիշաչար:

Հայրէնիքէս բաժներ է սարեր ու լեռներ
նետած է Տէր զոռի հոտած/հօտած/ անկիւններ
առանց հրամանի դուրս չեմ կրնար ելեր
որ երթամ փնտրեմ ես իմ սիրելիներ:

Սրտակիցներէս կարօտ հեռու մնացի
չորս տարիէ ի վեր արցունք թափեցի
մի կարծէք որ շատ լացով օգուտ քաղեցի
ողջ ու առողջ մարմնիս վրայ ցաւեր թափեցի:

Գերեզմանը ինծի համար ապառաժ եկաւ
Ուրֆայի ճամբան ինծի պարզ չեկաւ
առած նամակներէս ինծի լաց եկաւ
յուսացած բաներէս վերջը բաց ելաւ:

Սրտիս ցաւերը ես որու բանամ
մինչեւ չը պատմեմ ինչպէս քնանամ
սիրելի Յիսուսըս ինչպէս ուրանամ
Անոր պիտի երթամ որ ցաւերս մոռնամ:

Լսած եմ քոյրերուս ողջութիւնը ճամբայ կ’սպասեմ
երթամ սիրելեացս լաց ու ողբ ըսկըսեմ
սիրելի եղբայրներուս վրայ խորհիմ մտածեմ
Նվարդիս որբ դէմքին վրայ թեւերս տարածեմ:

Բայց աւաղ վախնամ որ փափաքիս չըհասնիմ
սրտիս կսկիծ ցաւերովը գէրեզման հասնիմ
բայց աւաղ ով կեանք պիտի ըլլաս դուն ազատ
չեմ արժանի ես սիրէլիքս չը տեսան օր ազատ:

Մինչեւ հիմա կարծեցի թէ երազ է իմ տեսածս
ասկէ վերջը հաւատացի որ իրաւ է լսածս
մահուան լուրերը ինձ հասաւ օր ան զէնքի մեռած էք
հայր ու զաւակներ մէկ տեղ վեր երկինքը գացած էք:

Ինծի բաժին մնացեր է պզտիկ Նվարդըս
Անկէ ալ ես կարօտ եմ թիւրքաց տըված բախտս
Գէորգը ու Խորէնը էին իմ դեռ չըբացուած վարդս
աչքիս առջեւ մեռնողը միայն Ազնիւ օրիորդիս:

Ձեր ցաւերը սրտիս խորը փնտռեր եմ ամուր մը
մեռնելու պատրաստուած կուզեմ հասնիմ աւուր մը
գիշեր ցորեկ չեմ մոռնար սրտիս զարնըուած է սուր մը
ատ մեր երջանիկ կեանքին վրայ տեղաց սարսուռը:

Ալ չեմ տեսներ ուրախ օրեր երջանիկ երանաւէտ
ալ չեմ ուզեր որ ապրիմ կնդանի յաւէտ
ալ չեմ ուզեր որ օտար երկրի մէջ ծառայ կենամ
թող այրիմ մոխիր դառնամ եւ ոչնչանամ:

Ուր են մեր տուներ շքեղ ու զարդարուն գեղեցիկ
ուր են մեր տան բազմութիւն տղաք երգեցիկ
ուր են մեր տան զուարճութիւն գեղեցիկ
աւաղ որ այսօր ես եմ թշուառ ու մուրացիկ

Աս ինչ փորձանք էր հանկարծ մեզ գտաւ
մեր խեղճ հայ ազգին դուռները մտաւ
Աս ինչ պատուհաս էր հասաւ մեր վրայ
Աս ինչ գիր գրուեցաւ մեր ճակտին վրայ:

Դժբախտ եմ այսօր աքսոր երեսէ ձգուած
սգաւոր տրտում սրտակիցներէ զրկըուած
հագուստներս ամբողջ սեւերով ներկուած
մինչեւ իսկ հայ լեզու խօսելէ զրկըուած

Պանդուխտ երկրի մէջ նետուած ենք անտէր
կը փնտրեն մեր վրայ շատ պզտիկ կետեր
Աստուած իմ երբ պիտի ղրկես մեզի մէկ տէր
գթայ մեր վրայ քանի որ չենք հատեր:

Եօթը զաւկի մայր կոչուեցայ անյիշատակ մնացի
ունեցած ըստացուածքնիս դահիճներու թողուցի
երկու ամիս ճամբայ եկայ փողի մը կարօտ մնացի
մերկ անօթի ոտքս բոկիկ նստայ կրակս լացի:

Արդեօք օր մը դարձեալ պիտի ունենանք մէկ բոյն
Վիլհէմ կայսըր էր որ տըւեց տաճկին թոյն
հարուստ ու փարթամ մարդիք մուրացուց
երակնուն ազնիւ քաջի արիւնը չորցուց:

Ով սիրելի Յիսուսըս զիս երկինք կանչէ
ալ չեմ դիմանար աս ցաւած հոգիս կը ճնշէ
չորս զաւակ կորսունցուցի երկուքը մանչ է
աս աշխարհի ցաւերը երկնից փառքին քով բան չէ:

Ով հայր իմ բաւ է ալ որ մեզ ցաւցունես
Հանգիստնիս առնես մեզ նեղացունես
արդեօք օր մեզ դարձեալ պիտի ուրախացընես
չէ նա աս ցաւերով գերեզման պիտի իջեցընես:

Օրէ օր սիրտս կը հալի անդադար մոմի պէս
արցունքս միշտ կը վազէ աչքերէս աղբիւրի պէս
աս վերքերը դարման չունի հաստատուն է վէմի պէս
գիշեր ցորեկ մխալով պիտի սեւնանք խուրցի պէս

Երազներ կը տանջեն զիս գիշերները չարաչար
չունիմ մէկը մխիթարիչ աս իմ սրտիս վշտահար
ծունկերուս ուժ չըմնաց աշխատելու եմ նաչար
միայն դուն ես իմ Յիսուս փրկիչս անյիշաչար:

Ցաւերնիս ներկըուած է տեսակ տեսակ գոյներով
ցիրուցան եղանք ձագուկներով բոյներով
թունաւորեցին մեզ օձի թոյներով
տուներնիս ալ մենք քանդեցինք շինուած էր սիւներով:

Մեր ձեռքով այրեցինք մեր շքեղ տուներ
որ չգան բնակին քիւրտ տաճիկ շուներ
անարժան են բնակելու հայերու բոյներ
գերմանը ցանեց մեր մէջ այս օձի թոյներ:

ԵՂԲԱՅՐՍ ԿԱՐԱՊԵՏ ԹԱԹԷՈՍԵԱՆԻ
Սիրելի եղբայրս խելացի Կարապետ
դուն ես ուրֆացիներէն ամենէն վարպետ
կեցցես ու ապրիս կենդանի յաւէտ
կեանք կը մախթեմ քեզ որ վրէժ լուծես մեր դահիճներէն

Հինգ գարունը որ խոստացար մեզի լմնցաւ
մեր ողջութիւն ալ կը հարցընես փճացաւ
զաւակներէս մէկ Նըվարդը մեռած էր առողջացաւ
միւսներուն դիակները գետին փռուեցաւ:

Մեծ փեսէտ Կիրակոսա քոյրս մէզի ձըգեր է
պզտիկ փեսէտ Պետրոսը վաճառատուն գացեր է
Քոյրըդ Եղիսաբեթը Մանասէին հետ ամուսնացեր է
Հօր եղբայներըդ կը հարցնես վարուցանի գացեր են:

Գէորգը կը հարցընես Պօլիս դպրոց ղրկեր եմ
Խորէն դեռ պզտիկ էր Անթէպի դպրոցը ղրկեր եմ
Ազնիւը Տէր զոռի մէջ հողին ամուսնացուցեր եմ
ես ալ արապներու քով ըսպասուհի կեցեր եմ:

Օրիորդն եմ /Դուստրն եմ/ Թաթէոսեան Մկրտիչին
տիկին կոչուեցայ Քիլէչիեան Պետրոսին
երանի թէ մայրիս զիս աշխարհ չը բերեր
թող անգութ հողերը իմ վրաս տիրէր:

Կը հառաչենք կը ողբանք ձայներնիս չի լսուիր
մատղաշ մանկանց երես բերան հողին կը քսուի
հալածեցին մեզ մինչեւ որ ալ լմնցանք
ուրիշ բան չէ որ վնաս չունի ըսուի:

Սիրելի եղբայրս երբէք քեզ մոռցած չեմ
չորս տարիէ ի վեր է նամակ առած չեմ
քու սէրըդ սրտիս խորը պահած եմ
քեզ ամէն սիրելիներուս տեղը դրած եմ:

Դարձեալ կուգայ գարունը զըվարթ/զըվարդ/
մեզ ուրախացուր երեսովդ վարդ
չը տեսածդ է աղջիկս պզտիկ Նըվարդ
արի եկուր մեզ ալ եղած ես մեծ մարդ:

ԻՄ ԵՐԳԸ
Հեռացեր եմ իմ մայրենի աշխարհից
շատ բարեկամք անջատուած են ինձանից
թափառում եմ այս օտար երկրումը
մինակ բուսած ծաղկի նման դաշտումը:

Կամաց կամաց տարիները անցնում են
մեզ նորոգող գարուն ամառ դարձնում են
միայն իմ խեղճ կեանքը չունի ոչինչ նոր
ինձ երէկը կը կրկնէ միշտ ցաւ այսօր:

Ասպարէզիս նեղ է ճամբան ու փշոտ
խեղճութիւնս համարում են ինձ ամօթ
իմ վիճակիս կարեկցութիւն մարդ չունի
դեռ կըսեն թէ իր կեանքին մէջ ցաւ չունի

Ես ցաւ ունիմ ցաւս մեծ է ու պէս պէս
Բայց չեն տեսներ ձեր աչքերը կարճատես
Երբ ես մտայ անհիւրընկալ այս աշխարհ
քանի րոպէ բախտըս ժպտաց ինձ պայծառ:

Ահա ես ըսի դարձեր է իմ անիւը
լրացեր է իմ վատ բախտիս չար թիւը
հանկարծ փչեց անբուժելի հիւսիսէն
թառամեցար վարդ մանիշակ մայիսին:

Ասպէս չորցուց իմ նազելի հասակը
իմ անողորմ անագորոյն վիճակը
Ահ մօտեցիր օրհասական օր մահուան
բեր քու հետը սեւ հող անեղ գերեզման:

Բայց ախ երբոր կանցնի ամիս ու տարի
իմ անունը իմ յիշատակ կը կորի
բայց կուզեի թողնել մի արձան այս տեղ
որ դարէ դար մնար ամուր անկործան:

Ես երգեցի երգ ցաւալի ու անուշ
իմ տխրալի ձայնն էր մեղմիկ ու քնքուշ
միթէ այնքան անգութ կը լինի միջագետ
որ անունս անգամ կընէ նա անհետ:

95-ի չարդը դեռ չէինք մոռցած
20 տարին դեռ չէր լմնցած
օրօրոցի մանուկը երիտասարդ դարձաւ
կապեցին իրարու զինուոր են գացած:

Բանտերը լեցուցին հարիւր հազարով
երջանիկ բոյներնիս քար ու քանդ ընելով
խուզարկեցին տուները զէնք փնտռելով
գտածնին կը տանին զէնքի պատրուակով:

Գիշերը մինչեւ լուս ծեծերով կը տանջեն
պատուաւոր մարդիկ Աստուած կը կանչեն
ծեծի փայտերը ջուրով կը թրջեն
որ զարկած տեղերն լաւ կապոյտցնեն:

Ամէն օր շարան շարան ջարդել կը տանեն
կապուած իրարու գողգոթան կը հանեն
կաշառք կը ղրկենք որ տանջանքը մեղմացնեն
կուտեն աւելի կը սաստկացնեն:

ԿՌՈՒԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
Մեր հայ ֆէտայիներ սարսափ ձգեցին
Խէլիլ պէյերը շատ կատղեցուցին
Ձեռքերնին չանցան որ բնաջնջեն
կատաղութիւննին մեր վրայ թափեցին:

Տուած զոհերնին սրտերնին տաղեց
հիւանդանոցէն արիւններ վազեց
Թալէաթին քով Էնվէրը վազեց
Գետին նայելով անկէ ուժ խնդրեց:

Անզուսպ հայերը չեն զսպուիր ալ
այռիւծ են դարձած աս քեաֆիրները
հրամանը շուտ մը կատարուեցաւ
Հալէպէն երեք հազար զինուոր շուտ հասաւ

Երեք թնդանօթ մի քանի սպայով
ռմբակոծին հայոց դիրքերը շուտով
մայր ու մանուկ դուրս թափեցան տուներէն
հայ ռազմիկներ ներս կը կանչեն դիրքերէն:

Պաշարուած զինուորներով տարին Միլլէթ խան*
անիծեալ ըլլար ոջիլոտ միլլէթ խան
Թիֆօ եւ ոջիլ աւերներ գործեցին
միւս կողմէ աղջիկները տարին պղծեցին:

Անօթի ու բոպիկ մեզ ճամբայ հանեցին
չամրլի խանը իջեւան ընտրեցին
մատաղ մանուկներ կուլան ու կողբան
կտոր մը հացի կարօտ մնացինք:

Մերկ ու բոպիկ անօթի ոտքով կը քալենք
կը տանին կը տանին ետքը դարձունեն
խարազանը կռնակնուս մեզ կը վախցընեն
Ճարեր կը խորհին ինչպէս մեռցընեն:

Վերջապէս գաղթականի ցուպը ձեռք առինք
միայն փոքրիկներ հետերնիս տարինք
մեծ տղոց աղջկայ հագուստ հագցուցինք
իբր աղջիկ կրցանք մեջերնիս պահել:

ՍՐՏԻ ԿՍԿԻԾ
Խ-էով սկսիմ անունս Ն-ուով վերջացնէմ
խոսելով ցաւերս պիտի մեղմացնեմ
խռոված սիրտս կրակը անցունեմ
խիստ քամին փչեց եւ բռնկեցուց:

Ամէն հայերուս օճախը մարեց
առտուան կանուխ սեւ օր պատգամեց
արեւը խաւար գոյքերնիս աւար
աւերակ դարձաւ տուներնիս հավար:

Նահատակ հերոս Ուրֆայի քաջեր
նորահաս պատանիք փայփլուն աչեր
նոր փամփուշտները կուրծքերնին շարած
նոր մաուզէրը ուսերնին բռնած:

Ընտրեցին մեռնիլ հերոսի մահով
ընտանիք զաւակունք դողով ահով
ըսին մահը քաղցր է երդիքներու տակ
ընել ջանացին քաջի եռանդով:

Մայրեր ու քոյրեր լաւ մը զինուեցան
մամաներ ծերեր ինքզինքնին մոռացան
մարզուած պատանիք ֆէտայի գրուեցան
մութ ու խաւարը սիրտերնուս տիրացան:

Քաղաքը շքեղ աւերակ դարձաւ
քիւրտ տաճիկ շուներ շան սատակ եղան
քար ու քանդ ըրին աժդահա դարձած
քոյրեր ու մայրեր ռազմիկներ դարձան:

Իրենցմէ վրէժ լուծել դժուար էր
իրենց արիւնին սրտեր ծառաւ էր
Թալաաթներու դաս տալ ալ պէտք էր
իրենց կիրքերուն յագուրդ տալ պէտք էր:

Լման ամիս մը կռիւ մղեցին
լացով ու կոծով մեզ բաժանեցին
լսեց Խէլիլ պէկ կրակ կտրեցաւ
լեցուն մավզէրներ գոռալ սկսաւ:

Է՞ր կերթաք աս պէս մայրեր ու քոյրեր
է՞ր մոռացեր էք դուք ձեր խոստումներ
էրէկ խոստացաք այսօր դրժեցիք
էգուց անհամար մեզ ուժ կը հասնի:

Ճարահատ հայերս ճամբաները ինկանք
ճակատնիս հողին բոցի մէջ ինկանք
ճամբայ քալելու ոյժ չէ մնացած
ճահիճներու մէջ ինկանք մահացած:

Եթէ դուք երթաք ըլլաք ուխտադրուժ
երկու օր չանցած նորէն պիտ մեռնիք
եկինքը փուլ պիտի գայ ձեր վրայ
երբէք հերոսներ չպիտի ներեն ձեզ:

Ահաւոր փորձանք կսպասէ բոլորիդ
անկրօն ազգ են կանպատուեն բոլորդ
անօթի ծառաւ արդէն պիտ մեռնիք
անհատնում ճանապարհ ձեզի կսպասէ:

Նահանջի փորձեր երբէք դուք չընէք
ներկայ վիճակնիդ պիտի փնտռէք
նեղութեան համար ծննած է հայը
Նեղ ճամբան է միշտ ամենէն լաւը:

ՏԻԳՐԱՆԻՆ ՑԱՒԱԼԻ ՎԻՃԱԿԸ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ
Տատիեան ցեղին անմահ յիշատակ
յուսով կապրէի բանտին մէջ հատակ
տալար ճակտիս սեւ գիծըն երեւաց
ուր յիշատակս մնաց թառամած:

Իրական հուր դժոխքին մէջ ինկած
հրէշին ձեռքերուն տակ ընկղմած
կսպասէի սեւ բախտիս հետեւած
Թէ իմ կեանքի ինչ են վըճռըուած:

Գիշերային մռայլ բնութեան մէջ
մութ բանտիս հնած կսպասէի վերջ
Բայց կեանքս ցուրտ ու կանձրեւէր
իդեալս բանտին մէջ կը փակուէր:

Րոպէներ կանցնին ու կերթան
սիրելիներս կը յիշեմ միայն
տղմուտ խոռոչին մէջ պաշարուած
անմեղ արցունքս հողը է թրջած:

Ախ գազաններուն ճիրանին մէջ
օր մը պիտի ունենամ կեանքիս վերջ
Ծաղիկ հասակիս մեջ պաշարուած
Ազգըս մահուան գիծին սեւեռած:

Ննջեր բառը զիս կը հրաւիրէր
բանտիս մռայլ սարաւանդ
հոգեվարքիս մէջ ձայն չառի
Տիգրան հասակըդ ուր կը սառի:
Ուրֆա 1918. նոյեմբեր 20
ՊԱՆԴՈՒԽՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՈՏՈՐԱԾԸ
Կեանքերնիս տըւին հովին կըրակին
ոչ ուշ օրը գիտենք ոչ ալ կիրակին
զարկած են շամփուրին բռնած են կրակին
կայրինք կը խորվինք մենք մէջ կըրակին:

Աստուած դուն տուր մեզ մուվաթ ու քէրէմ
պանդուխտին սիրտն խոց ճիկէրն վէրէմ
չունի գրպանին ոչ փող ոչ դրամ
Խմած ջուրը լեղի կերած հացը հարամ:

Օտար երկիր անպատ են օտար աստղեր լոյս չունին
օտար ջուրեր լեղի են օտար հացեր համ չունին
օտար ապրիլ դժուար է օտար մարդիկ գութ չունին
մինչեւ իրիկուն կաշխատեցընեն փող մը տալու գութ չունին

Օտար երկիր օտար դէմքեր մեզի ծանօթ սեպեցինք
ոսկիներով ձեռքեր ոտքեր համբուրելով մնացինք
հազիւ խեղճերս դեռ առեւտուր սկսեցինք
իննը ամիս հազիւ տեւեց գիտցածնին կորսնցուցինք:

Վայ հասաւ գազան չալան փաշա մը անգութ
ուզեց շուտ մը հայուն արմատը ընէ կորուստ
բանտի մէջ լեցուց քահանաներ ու հարուստ
հայերս ջանացին գտնել ճար մը փախուստ

Ամբողջ թաղերը ոստիկաններ ու զինուորներ լեցուցին
տունէ տուն պըտըտելով ամէնքը դուրս թափեցին
գիշերները խումբ խումբ կապուած քաղաքէն աքսորեցին
տունէ զուրկ տիկինները վրանները նստեցուցին:

Էրիկ մարդիկը զատելով խապուրի ճամբան ձգեցին
կնիկները մերկացուցին լաթերնին կողոպտեցին
ողջ ու կայտառ աղւորները փնտռեցին
աղւորները առնելու համար Տէր զոռի մէջ դարձուցին:

Երեք աւուր ճամբայ տարին ձեռքերնին կապուած
անօթի անջուր քալելէն շունչերնին հատած
անանկ աչքերնին բացին որ են չաչանով պատած
անմիջապէս ողջ ու կայտառ աղիքնին դուրս են թափած:

Օրէ օր դիակնուն մէջ ոսկիներ կը փնտրեն
տակաւին շատերը ողջ ներողութիւն կը խնդրեն
աման աստուած կանչելով մահը շուտ մը կը խնդրեն
բայց լսող չկայ իզուր գիտեն հայեր անտէր են:

Մէկ ամսուն մէջ հայոց ազգը ջնջեցին
խապուրի կանաչ դաշտեր հայու արյունով ներկեցին
մնացեալ հայեր յիշեցէք միշտ աս տարին
Մայիս ամիսէն ըսկսեալ կատարեցէք աս տօնը:

Տէրզօրն եօլլարը ուզագտըր ուզագ
զալըմ պիզէ գուրտը պիր ֆէնա տուզագ
ֆիզանլէ եալվարտըգ իշիտէն եօգ տըր
տէօվլէթ էմիր էթմիշ պիզ նառլաթչագ

Եավրուլար աղլար ճիյէրլէր տաղլար
անալար պաճըլար գարալար պաղլար
քիւչիւք չօճուգլարը եօլտա գօյարլար

Աճ սուսըզ եօլա րէվան էթտիլէր
էքմէք եէրինէ տաղդտըլար
ասքէրլէր իւչիւն չատըր գուտուլար
գըզլարը զօրլէ չատըրա թըգտըլար

Գըզլարն ֆիզանը սէմայու չըգտը
ալլահ պապամըզ գուլաղը թութտը
էսիր հալիմըզ պիւթիւն ունութտը:
Վերջ