Երուանդ Պապայեան /Հասարա-հայրենակցական գործիչ/՝ Հայրենիքն է միակ երաշխիք

Ես, ինչպէս կը տեսնէք, կը պատկանիմ վերապրածներու սերունդին, որոնք, տարագրութեան ճամբաներուն վրաj մահուան զարհուրանքը ապրեցան: Ապրեցան նաեւ ցաւատանջ յուսախաբութիւնը Արեւմուտքի Մեծերուն անարգ ուրացումներուն:
Սակայն, ունեցան բախտը հայ պետականութեան վերականգնումը ողջունելու:
Աւելի ուշ, ապրեցան Սփիւռքի կազմաւորումին դժուարութիւններն ու կրեցին դառնութիւնը Սփիւռքը պառակտող երբեմն դաժան պայքարներու: Սակայն ունեցան ուրախութիւնը ականատես ըլլալու Սփիւռքի բարգաւաճումին:
Միշտ յուսալքումին յաջորդող երջանկութեամբ, վերապրողներս հայրենի պետականութեան փարեցանք հոգեպէս, որովհետեւ մեզի համար մեր նախահայրերուն արիւնով նուիրագործուած հողն է ու հոն ապրող եւ սեղծագործող ժողովուրդն է Հայրենիքը:
Ես, որպէս սփիւռքահայ վերապրող, ողջունելէ ետք գոյառումը ազատ ու անկախ Հայաստանի եւ հերոսական մարտնչումներով ազատագրուած Արցախի՝ 21-րդ դար պիտի մտնեմ ձեզի հետ, եթե Աստուած մէկ տարի եւ երեք ամիս եւս կեանք տայ ինծի:
Թերեւս վերապրողի հոգեբանութեամբ եւ զգացողութեամբ է, որ միշտ եղած եմ Հայաստանի հետ, առանց նկատի ունենալու պետականութեան դրօշակին գոյնը:
Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներու օրերուն եօթը տարեկան էի, երբ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը բարձր բռնած մանկապարտէզի հանդէսին՝ աշակերտական տողանցքը առաջնորդեցի:
Վստահաբար այդ օր ենթագիտակցութեանս մէջ արմատացաւ հայրենասիրական զգացումը, մոլեռանդութեան վերածուելու համար հետզհետէ:
Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին, Այնթապի Հերոսամարտի կռիւները պատճառ դարձան, որ մոլեռանդութեան վերածուին հակաթուրք տրամադրութիւններս ալ:
Այս երկու ծայրայեղութիւններու մղումով ես միշտ ջատագովը եղած եմ հայ ժողովուրդի միասնութեան, համոզուած ըլլալով, թէ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած մեր փոքրաթիւ ժողովուրդին գոյատեւելու կարեւոր ազդակներէն մէկն է ան, միասնութիւնը:
Ընդունի՛նք իրատեսօրէն, թէ այս քաղցրահնչիւն, գեղեցիկ բառը չկարողացաւ քանդել իր ճամբան խափանող պատուարները: Եթէ փորձենք անդրադառնալ պատճառներուն, Սփիւռքի պարագային հարկ է նշել բոլորիս ծանօթ ա՛յն իրողութիւնը, թէ սփիւռքահայութիւնը միշտ ենթակայ եղած է եւ է՛, գուցէ այսօր աւելի վտանգաւոր չափով, այլազան մշակոյթներու եւ բարիքներու ազդեցութիւններուն: Աւելցուցէ՛ք անոնց վրայ գաղափարական ու դասակարգային գերակայութեան եւ ստորակայութեան բարդոյթները, նաեւ նեղմտութեան ու անհանդուրժողութեան գործօնները, հասկանալի կը դառնայ ներսփիւռքեան միասնութեան տագնապը:
Երկար դարեր տարբեր երկիրներու մէջ իր գոյութիւնը պահելու համար դժուար պայքար մղող ժողովուրդէ մը իրաւունք ունի՞նք աւելին ակնկալելու: Հրաշք-երեւույթ չէ՞ անջատ կղզեակներու վերածուած հայ համայնքներուն գոյութիւնը այսօր, պիտի մտածեն ոմանք իրաւացիօրէն:
Այո՛, այդ հրաշքը գոյատեւելու հզօր կամքն է մեր ժողովուրդին, իր արմատներուն կառչած մնալու վճռականութեան ուժը եւ հաւատքը ապագային նկատմամբ:
Առհասարակ այդ ուժով ու հաւատքով՝ ազգովին կարող ենք իրագործել նախ ներսփիւռքեան ապա Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւնը, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը ամբողջական կարողականութեամբ մասնակցի Հայրենիքի հզօրացման: Եւ շատ արագ, առանց յապաղումի, որովհետեւ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը դժուարանայ Սփիւռքի հայապահպանումը: Տխուր իրողութիւնը ա՞յն է, թէ հակառակ մեծամեծ զոհողութիւններու եւ դժուար ճիգերու, սփիւռքահայութիւնը կը նահանջէ, այս անգամ երգով, տխուր երգով:
Նոր սերունդը անգլիախօս, ֆրանսախօս կամ սպանախօս է ընդհանրապէս. ցաւ ի սիրտ՝ արաբերէնն ալ սկսած է նեղել մեր մեծասքանչը:
Այս կացութեան հետ դէմ յանդիման, անհրաժեշտ է, որ համադրենք մեր ուժերը՝ մէկ կողմէ նաւաբեկութենէ փրկելու համար Սփիւռքը, միւս կողմէ զօրացնելու Հայաստանը, որովհետեւ՝ Հայրենիքն է միակ երաշխիքը Սփիւռքի գոյատեւումին:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ 70-80 տարիներէ ի վեր Հայաստանը եղած է հայրենասիրութեան աղբի՛ւրը սփիւռքահայութեան:
Ես միշտ հաճոյքով կ՛ը վերյիշեմ Պէյրութ այցելութիւնները հայրենի ՙԱրարատ՚ ֆութպոլի խումբին ու Հայաստանի ժողովրդական երգի ու պարի համոյթին, նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանին եւ Արամ Խաչատուրեանին: Այս այցելութիւնները հայրենասիական ներշնչումով ոգեւորեց առնուազն երկու սերունդ:
Ներեցէ՛ք, որ կրկնութեան գնով ըսեմ, թէ ո՛րքան սերտանան Հայաստան ու Սփիւռք յարաբերութիւնները, ա՛յնքան աւելի կ՛արդիւնաւորուի ազգապահպանումի աշխատանքը: Ամէն հայ կը ցանկայ, որ Հայրենի իշխանութիւններն ու մտաւորականութիւնը, Սփիւռքի բազմագլուխ ղեկավարութեան հետ համախորհուրդ, միջոցներ որոնեն ազգային միասնութեանը արգելակող խոչընդոտները չէզոքացնելու ու համադրուած աշխատանքով հասնելու ամբողջական, փրկարար միասնութեան: Սեպտեմբերին կայացած Համահայկական Համաժողովը կարելի՞ է արդեօք նախաքայլը նկատել, երանի՝ թէ:
Կ°ուզէի յատկապէս վեր առնել այս մարզին մէջ Հայրենի մտաւորականութեան վերապահուած դերին կարեւորութիւնը: Արուեստագէտներու այցելութիւնները, ի հարկէ, ունին իրենց բարերար ազդեցութիւնը: Սակայն ու՞ր են մեր մտաւորականները: Կը ներէք անտեղի հարցումին համար, որուն պատասխանը շատերը գիտեն: Վստահաբար նոր ոգեւորութիւն պիտի ստեղծեն անոնց այցելութիւններն ընդհանրապէս նոր սերունդին, մանաւանդ դպրոցական տարիքի տղոց եւ աղջիկներուն մօտ:
Կը մաղթեմ՝ Հայրենի իշխանութիւնները իրենց ուշադրութիւնը սեւեռեն մտաւորականութեան վրայ, որպէսզի գրողներ եւ մշակոյթի գործիչներ կարենան ստեղծագործել եւ իրենց նոր գործերով, այցելութիւններով սատարեն Սփիւռքի հայապահպանումի ճիգերուն:
Կը մաղթեմ նաեւ, որ շուտով բարելաւուի մեր երկրին կացութիւնը, եւ Հայրենի մեր ժողովուրդը վերագտնէ իր բարօր կեանքը:
Ես կը հիանամ ձեր համբերատար ոգիին: Դուք կը շարունակէք արիաբար կուրծք տալ անողոք դժուարութիւններու եւ կառչած կը մնաք այս հողին, որուն տէրն էք դուք՝ հայրենաբնակ եղբայրներ ու քոյրեր: Հայոց Հայրենիքը կանգուն է շնորհիւ ձեր անսահման զոհողութիւններուն: Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է ձեզի:
Հոկտեմբեր 1998թ.,