Սերկէյ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ լուսաճաճանչ ջութակը` Համեստ նուագակցութեամբ Հայաստանի ֆիլյարմօնիք նուագախումբին

Իրապէս, որ Հայ երաժշտութեան բացառիկ տօնն էր Փարիզի մօտակայ արուարձան Իսի-լէ-Մուլինոյի վերջին համերգը, որուն յայտագիրը բաղկացած էր հետեւեալներէն. աշխարհահռչակ Արամ Խաչատուրեանի թիւ 2 համանուագը, համբաւաւոր ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան` Յան Սիպելիուսի ջութակի քոնչերթոն եւ Հայաստանի ֆիլյարմօնիք նուգախումբը ղեկավարութեամբ Էդուարդ Թոփչեանի:
Յան Սիպելիուսի(1865-1957)ֆիլանտացի մեծագոյն երաժշտահանի յօրինումները խորապէս դրոշմուած են վիպապաշտական-րօմանթիք-երաժշտական սեռով, իր երկրին իւրայատուկ գեղեցկատեսիլ քնարական բնոյթով եւ մանաւանդ թեմաներու պանծացումով ու ժողովրդային երգերով, զանոնք վերածելով կատարեալ մեղեդիներու ծաղկեփունջերու:
***
Քանի մը ամիսներ առաջ ՙՅառաջ՚ օրաթերթին մէջ եւ վերջերս իր լոյս տեսած խտասալիկին առիթով, ներփողականով ըսած էի ընդարձակօրէն ՙվիրթիւոզ հրաշք ջութակահար՚ երիտասարդ Սերկէյի մասին, երբ ան Շոսթաքովիչի թիւ 1 քոնչերթոն կը ներկայացնէր հազարաւոր երաժշտասէր հասարակութեան, Սէն-Տընի ՙԱրքայական Պազիլիքին՚ մէջ, ուր միջազգային տարողութեամբ լաւագոյն նկատուած Ֆրանսայի Ազգային նուագախումբին հետ: Նոյնպէս` միջազգային ճանաչումի տէր նուագավար գերմանացի Քուրթ Մազիւրի ՙԻշխանական՚ ղեկավարութեամբ, նախընտրելի ջութակահար Սերկէյի հետ` յաջողած էր նուագախումբը կատարեալ հայելին վերածել ջութակահար մեկնաբանին:
Այս առթիւ տեղին է աւելցնել, թէ Սերկէյ Խաչատրեան, առաջին երիտասարդագոյն ջութակահարն է, որ արժանացած էր դափնեկիրի տիտղոսին 2000-ն, Յան Սիպիլիուսի բարձրագոյն վարկանիշ ունեցող մրցաշարքին, որ տեղի կունենար 1965էն սկսեալ ամէն հինգ տարին: Ան դափնեկիր է նաեւ միջազգային կարեւոր մրցոյթներու, ինչպէս ամէնավերջինը ՙԷլիզապէթ թագուհի՚ին, ձեռք ձգելով մրցոյթին առաջնութեան դափնին` իրաւունք ստանալով գործածել ՙՆիւկինս՚ 1708 թուականին. Սթրատիվարիուս ջութակը, չորս տարուան համար: Եւ այդ իսկ պատճառաւ, կրնամ երեւակայել, թէ որքան ողբերգական կրնայ հանդիսանալ, երբ ետ առնուի սոյն ջութակը: Կարծէք թէ էութենէն բան մը կորսնցնելու տպաւորութիւնը թողլով…
Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, Սերկէյ Խաչատրյան ունի հասարակութիւնէ վեր երաժշտական հասունութիւն: Իր մէջ կը յայտնուի նրբերանգներու բնածին զգայարանք, արտասովոր բացարձակ լսողութիւն, խելք եւ մանաւանդ յատկութիւնը` ջերմ հնչականութեամբ եւ ամենայն հեշտութեամբ արտահայտելու քնարերգական անցումային հատուածները: Միաժամանակ առանց դրսեւորելու ունի ներքին ուժ, վեհանձնութիւն եւ ազդու խաղարկութիւն. շօշափելու աստիճան մօտենալով թէքնիք կատարելութեան:
***
Յան Սիպիլիուսի րէ մինէօր օր. 47 ջութակի քոնչերթոն մրցանուագ-եռամաս է, գրուած մենակատարի եւ համանուագի համար, ուր առաջինը` առանձին մրցակցութեան մէջ կը գտնուի նուագախումբին դէմ: Սոյն քոնչերթոն մին է 20-րդ դարու ամենագեղեցիկներէն` միշտ մնալով ազգային երաժշտութեան ռահվիրան եւ վիպապաշտ բնագաւարին մէջ իր շեշտուած զգայականութեամբ եւ քնարականութեամբ:
Allegro moderato-ի առաջին շարժումը – մուվըման սկսաւ լարայիններու գրեէթ անլսելի ձայնաթրթիռմերով ուր Սերկէյ գործադրեց իր հմայքը, երկայն թեմայով մը: Անոր ջութակի ձայնը հայակապ էր, երգեցնելով դժուար երաժշտական գիծերը` գրեթէ շոյանքի պէս հպելով իր աղեղին ծայրամասը:
Նուագախումբը ջանաց մնալ երկրորդական կարգի վրայ: Վարանոտ երկրորդ թեման ի յայտ եկաւ թաւջութակներով եւ փայտեայ փողայիններու պասոններով (basonn):
Մենակատար Սերկէյի աստիճանաբար մուտքը զգացուց երրորդ թեման երգեցիկ եւ զուլալ բարձր հնչիւններով: Իսկ քատէնցան, միայնակ նուագամասը, Սերկէյ` փայլուն բնոյթով հանկարծաստեղծ-իմբրօվիզասիօն հատուածին ընդմէջէն, ի յայտ բերաւ իր կատարողական կարելիութիւնը եւ վարպետութիւնը: Ընդհանրապէս սոյն հատուածը կը գրաւէ երկին վերջաւորութիւնը, բացարաբար տեղափոխուած է գործին կեդրոնը, ներկայացնելով ուրախ պար մը:
Adagio di moto ջերմ քնարականութեամբ պարուրուած է Իտալիոյ տաք արեւէն, ուր Սիպելիուս առիթը ունեցած է իջեւանելու:
Վերջանուագը – Allegro ma non tanto կը հակադրէ իր պայծառ րէ մաժէօր ձայնակայքով եւ եռաչափ պարի ընթացքով: Նուագախումբը` կրկին կշռութային նուագակցողի երկրորդական դերը ստանալով, Սերկէյ իր ջութակով անկաշկանդ ծաւալեցաւ եւ ուռճացաւ…: Երկին վերջին բաժինը հանգեցաւ շատ ուժգին – ֆօրթիսիմօ – նուագով, ուր վերջապէս միացան երկու մրցակիցները` մենակատար ջութակահարը եւ նուագախումբը:
***
Արամ Խաչատուրեանի երէք համանուագներէն թիւ 2-ը կը նկատուի երաժշտահանին լաիագոյնը: Այս երկը յօրինած է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին` նշելու համար Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան 25 ամեակը:
Սոյն երաժշտական ստեղծագործութիւնը ունի յուզական ուժ, մեղեդային գեղեցկութիւն եւ մանաւանդ վառ գոյներով, բնազդային ՙԲարդ եւ խայթող՚ արտայայտիչ:
Բազմակշռոյթներու պոռթկում: Այսույամենայնի նուագագրութիւնը մութ է եւ խոկուն, նման ՙփոթորկոտ ձմեռային գիշերի՚ յիշեցնելով Պերլօզեան ՙդատաստանի օր՚-ի խորհրդանշող մահուան սգոյ շքերթը, որ ի յայտ կու գայ մասնաւորապէս վերջին երրորդ շարժումին մէջ: Եւ ինչպէս Շոսթաքովիչի 11-րդ համանուագը, զանգակի մը հերոսական յամառ զարկերը` զինուելու կանչը:
***
Հայաստանի ֆիլարմօնիք նուագախումբը հիմնուած է 1925ին, սկզբնապէս որպէս Երեւանի երաժշտանոցի համանուագախումբ: Ծանօթ ըլլալով անոր 1971 էն ի վեր` իր ելեւէջներով` համաձայն անոր նուագավարէն եւ նուագախումբը կազմող նուագածուներէն:
Նեկային ընդունուած է, որ նուագող-կատարողները բոլոր երկիրներու մէջ, ըլլան անհրաժեշտօրէն բարձր որակով, մեծապէս նպաստելով նուագավարին նրբին աշխատանքը: Ճշմարիտ է նաեւ, որ Երեւանի Կոմիտաս երաժշտանոցի աղեղնաւոր լարային ընտանիքին կազմող հինգ նուագարանները յաջող պատրաստուած երաժիշտներ են: Իսկ պղնձեայ փողայինները նուազ յաջող են նուագարաններու ոչ ընտիր որակին պատճառաւ!…
Նուագավար Էտուարդ Թոփճեան գնահատուած երաժիշտ մըն է, մանաւանդ որ նոր թափ տուաւ օփերային միջազգային երաժշտութիւնը` համերգային ներկայացումներու աշխատանքով: Ըստ իս` ան լաւ մարզուած վիճակի մէջ ստանձնեց ֆիլարմօնիքի ղեկավարութեան շարունակութիւնը` նուագավար Լորիս Ճգնաւորեանէն: Սակայն դժբախտաբար 2000 թ. իր սկզբնական շրջանին, նուագախումբը ժամանակաւոր նահանջ արձանագրեց իր երիտասարդական յոխորտ բնաւորութեան, ինչպէս նաեւ թերեւս նուագածուներու արտագաղթին պատճառաւ: Իր ՙչոր ու ցամաք՚ յոգնած մարդու երեւոյթով, անհրապոյր ու անտարբեր, միթէ՞ ամօթխածութիւն, ղեկավարութիւնը մէթրօնօմի նման, կը յիշեցնէր Յակոբ Ոսկանեանը, որ ունէր սակայն հմայք եւ վեհութիւն:
Նուագավար Թոփճեանի անտարբեր երեւոյթը այն համոզումը կուտար, թէ պարզապէս կը կատարէր լոկ պարտականութիւն մը: Եւ մանաւանդ իր` մեզի խորթ թուացող տեսքը. համերգին միջոցին, մենակատարին քատենցաներու ընթացքին, իր պատուանդանի ետեւի երկաթեայ ապահովական բազրիքին վրայ` պառկելու աստիճան, ոտնամանները խաչաձեւ, գաւաթ մը սուրճի պակասը զգալի կը դառնար…
Այսույամենայնի քանի մը տարիներ յետոյ ՙՅառաջ՚ օրաթերթի 2 Յունիսի 2004 թիւին մէջ, այսպէս կարտայայտուէի. ՙՆուագավար Էտ. Թոփճեան այս անգամ յաջող ղեկավարեց … ան կարծես այլեւս ձերբազատած է ինքնաքնահայեաց ղեկավարի ոճէն… նուագախումբին հետ փնտռելով եւ ստեղծելով իր փափաքած նուագախմբային հնչիւնները…՚
Հայկական յառաջադիմութեան նախաքայլ…
***
Պէտք է խոստովանիմ, թէ սոյն համերգը դժբախտաբար, Յան Սիպելիուսի ջութակի քոնչերթոյին մեկնաբանութեան ընթացքին չզգացի այն ցանկալի փոխադարձ ներգործոն-ներթափանցումը, նուագավար-նուագախումբ եւ մենակատարին միջեւ: Արդարեւ` առաջինը յաջողեցաւ միասնականութիւն մը ստեղծել նուագախումբի անդամներուն հետ, առանց կարենալ տալու անոր ընդարձակութիւն եւ միանգամայն ճկունութիւն: Յամենայնդէպս այս կապակցութեամբ նշենք թէ ՙՓալէ տէ զար էտէ գոնկրէ՚ հանդիսասրահը չունենալով համերգասրահի մը յատուկ կառուցուած ՙաքուսթիք՚ի կատարեալ օրէնքներու յատկանիշները, ձայնաբաշխումի որակը նպաստաւոր չէր կրնար ըլլալ ֆիլարմօնիքին թափանցիկութեան եւ ձայներու անարատ հնչականութեան:
Եթէ Էտուարդ Թոփճեան օժտուած չէ բեմական հմայքով եւ ակնթարթային բազմազան յուզումներ արտայայտող ձեռքերով, ի մասնաւորի րօմանթիք գունաւորումներով երաժշտութեան, բայց ան ունի յստակ ու ճշգրիտ ցուցմունքներ երաժշտական հատուածներու մուտքերուն:
Առաջին շարժումի-մուվըման-լարային ձայնաթրթիռները` կըսեմ թաւշային եւ թեթեւահոգի էին: Սակայն ընդհանուր առմամբ նուագախումբը չկարողացաւ պահել իր մեղմամեղմ երաժշտական ոգին: Առանց սայթաքումի յաջող էին չելլօ-պասօն միութիւնը: Վերջապէս adagio di motto, երկրորդ շարժումը, հեռու մնաց քնարերգական արբեցող յուզականութիւնէ եւ զգայուն մեկնաբանութիւններէ:
Հոս տեղին է նշել, թէ ընդհանրապէս չեն ծափահարեր, երբ երաժշտութիւնը կանգ կ’առնէ ՙշարժում՚ներու միջեւ: Այժմ թոյլատրելի կը նկատուի ամենուրէք այս երեւոյթը…
Ի յարգանս որոտընդոստ ծափողջոյներուն, Սերկէյ մեկնաբանեց միայնակ վերին աստիճանի ապրումով հայաշունչ մելամաղձութեամբ ՙԳայանէ՚ պալէի ժաղավրդական ՙՈւզունդարան՚:
Այս երեկոյ շատ մօտէն իրապէս տեսայ իր պատանի հրեշտականման դէմքը, սեւ եւ գանգուր մազերով, լուսաւորուած կանթեղի պէս, մարմինը բարտիի նման օրօրուելով կը նկարագրէր հայու հոգիին տառապանքը, իր դիմագիծի բոլոր մկանները ցայտուն կերպով պրկուած, հպարտ ու կրքոտ ապրումներով լսելի կը դառնար նոյնիսկ իր արագ ու զօրեղ շնչառութեան գրոհը…
***
Անվիճելիօրէն Էտ. Թոփճեան շատ աւելի ուշագրաւ ու տպաւորիչ էր եւ գերազանց ինքնավստահ հաղորդականութեամբ ղեկավարեց անգիր, ինչպէս նաեւ Սիպելիուսի քոնչերթոն, Արամ Խաչատուրեանի թիւ 2 համանուգը: Ան բուռն խանդավառութեամբ լաւագոյնս փոխանցեց երաժշտասէր ունկնդիրներուն իր ազգային հրաշալի բնազդային մտերմութիւնը խաչատուրեանական բարդ եւ ուժական բազմակշռոյթներու ջրվեժային յորդահոս ժայթքումները: Ան սանձարձակ թողուց յատկապէս պղնձեայ փողայինները, որոնք ընդհանրապէս հակում ունին աւելի զօրաւոր նուագելու, մինչեւ ողբերգութիւնը խորհրդանշող մահուան սգոյ շքերքը եւ զանգակի զարկերու, որոնք կ’ստեղծեն երաժշտական լարուածութիւն ունկնդիրներու վրայ:
Ծրագիրէն դուրս մեկնաբանուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի ելեկտրականացնող ամենէն ճանչուած ՙՍուրերու պար՚ը:
Համերգին գրգրիչ աւարտին, պարզապէս թնդաց սրահը գրեթէ ոտքի կանգնեցնող հասարակութիւնը:
Յ. Գ.
Կարծէս մեր ակնարկութեան իբր արձագանգ, նուագավարը այսուհետեւ աղօթողի կերպարը կը պարզէ…